<<Միջին Արեւելքի Հարցը Հայոց Ցեղասպանութեան Հայացքի Ընդմեջէն>> Խորագիր Կրող` Վատիկանի
Գաղտնի Փաստաթուղթերու Վրայ Հիմնուած Գիրգը Հրատարակուեցաւ։
Վատիկանի արխիւներու պատասխանատու գերապայծառ Սերժիօ Փականօ անցեալ յուլիսին մամուլին
յայտարարած էր որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Վատիկանի գաղտնի փաստաթուղթերը պիտի
հրապարակուին։ Արդարեւ <<Միջին Արեւելքի հարցը Հայոց Ցեղասպանութեան հայացքի ընդմեջէն>>
խորագիր կրող` ի վերջոյ լոյս տեսաւ այս օրերուս։ Անոր հեղինակկն է Լէչչէ համալսարանի
Արեւելեան Եւրոպայի Պատմութլան դասատու Լեհ Բրօֆ Մարգօ Եաքով։ 350 էջերէ բաղկացած այս
հատորին մէջ` հիմնուած Վատիկանի գաղտնի արխիւներու վրայ` հրատարակուած են փաստաթուղթեր
որ կը վերաբերին 1894-1897 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ իրականացած
ջարդերուն: Գերապայծառ Փականօյի յայտարարութեամբ գիրգը Քաղաքական ոչ մէկ բնոյթ ունի
այլ լոկ պատմական է ու հիմնուած պատմական փաստաթուղթերու վրայ։ Այս դիտմամբ նշենք որ
Վատիկանը զանազան առիթներով վկայած է Հայոց Ցեղասպանութեան իր ճանաչումը ու այս փաստաթուղթերը
կու քան հաստատելու, միջազգային գետնի վրայ, պարզուած անժխտելի իրողութիւնը։ Գիրգին
մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ ժամանակաշրջանին Հռոմի Լեւոն ԺԳ. պապի յորդորագիրի որ
ուղղուած էր սուլթան Ապտուլ Համիտին գթասրտութիւն ցուցաբերելու եւ դադրեցնելու հայերուն
դէմ իրականացուող սպանդը: Փաստաթուղթերէն ի յայտ կու գայ նաեւ հայերու ապրած վայրերու
ու եկեղեցիներու քարտեսը ու անոնց կործանումը։ Նշենք նաեւ որ ոչ պաշտօնական աղբիւրներէ
կ՛իմացուի թէ Թրքական Կառավարութիւնը բաւական ճնշում բանեցուցած է Վատիկանի վրայ գիրքի
հրատարակումը կանխարգիլելու նպատակաւ։